2016-07-09 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ինքնագիր նամակը հայող` Տնտես-ֆինանսական հարցերուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 9 Յուլիս 2016-ին, լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին անցեալ 4 Յուլիսին վաւերացուած ինքնագիր նամակ մը հայող Վատիկանի եւ Սուրբ Աթոռի ինչքերու հսկողութեան, վերահսկողութեան եւ մատակարարումի մարմիններու բարեփոխումի գործընթացին։ Այս օրէնսդրական նոր փաստաթուղթը կ՛ուզէ ամբողջացնել անցեալ  24 Փետրուար 2014-ին '“Fidelis dispensator et prudens – Հաւատարիմ եւ իմաստուն տնտես”, Քահանայապետի ինքնագիր նամակով սկիզբ առած ընթացքը որով Նորին Սրբութիւնը` ստեղծած էր երեք նոր մարմիններ. Տնտեսութեան Խորհուրդը, Տնտեսութեան քարտուղարութիւնը եւ ընդհանուր վերատեսողի գրասենեակը։

Այս երեք մարմիններու սահմանադրութիւնները հրապարակուած էին, առ ի փորձ, 22 փետրուար 2015-ին։

Այսօրուայ հրապարակուած Քահանայապետական փաստաթուղթով աւելիով կ՛ընդգծուի կապը ընդմէջ Տնտեսութեան Քարտուղարութեան եւ  Առաքելական Աթոռի ժառանգութեան վարչակազմին, յստակ ու անտարակոյս կերպով ապահովեցնելու համար տարբերութիւնը` հսկողութեան ու վերահսկողութեան գործին, մէկ կողմէն, եւ ինչքերու մատակարարման աշխատանքին միւս կողմէն։

Հետեւաբար  Քահանայապետական հրապարակուած այս  ինքնագիր նամակը կը յստակացնէ թէ որոնք են հմտութեան մարզերը որոնք կը պատկանին Առաքելական Աթոռի ժառանգութեան մատակարարական խորհուրդին եւ որն է Տնտեսութեան քարտուղարութեան հսկողութեան եւ վերահսկողութեան հիմնական դերը ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.